2017-02-26 13:30:00

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին 26 փետրուարի թուիթը` աղօթենք միութեան համար։


(Ռատիօ Վատիկան) Կիրակի` 26 փետրուար 2017ին հրապարակած մէկ թուիթին մէջ Ֆրանչիկսոս Սրբազան Քահանայապետը հրաւիրեց հաւատացեալները յարատեւելու միութեան ի սպաս աղօթքի մէջ մինչեւ որ իրականանայ Յիսուսին բաղձանքը` այն է եկեղեցիներու ու քրիստոնեաներու լիակատար միութիւնը։ Սրբազան Քահանայապետը սոյն թուիթը հրատարակեց Հռոմի Անկլիքան եկեղեցւոյ տուած համամիութենական այցելութեան ծիրէն ներս։

''Յարատեւենք աղօթքի մէջ մինչեւ որ իրականանայ Յիսուսին իղձը ''որպէսզի ամէնքը մէկ ըլլան'' գրեց Ֆրանչիսկոս Պապ։








All the contents on this site are copyrighted ©.